2016-05-23 09:42:00

Պինալի Եըլտըրըմ` Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան նախագահ


Պինալի Եըլտըրըմ կիրակի, 22 մայիսին,  Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտակարգ ընդհանուր ժողովին ընթացքին ժողովին մասնակից 1470 պատուիրակներէն 1405-ին քուէներով ընտրուեցաւ իշխող կուսակցութեան նախագահ:

Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ փոխադրամիջոցներու, նաւագնացութեան եւ հաղորդակցութիւններու նախարար, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մօտիկ անձնաւորութիւն մը եղող Եըլտըրըմ այդ պաշտօնին միակ թեկնածուն էր: Աւանդաբար երկրին վարչապետ կը դառնայ մեծագոյն կուսակցութեան նախագահը: Կը սպասուի, որ այդ առնչութեամբ Թուրքիոյ նախագահը շուտով զինք պիտի լիազօրէ ձեւաւորելու նոր կառավարութիւնը:

Եըլտըրըմ խորհրդաժողովի ընթացքին յայտարարեց. «Կը հարցնեն, թէ ե՛րբ պիտի աւարտին (ահաբեկչութեան դէմ) գործողութիւնները: Ես կը յայտարարեմ, որ անոնք պիտի շարունակուին, մինչեւ ապահովուի մեր ժողովուրդի լիարժէք անվտանգութիւնը, մինչեւ վերջ գտնեն մեր քաղաքացիներուն դէմ յարձակումները»:

Եըլտըրըմ Թուրքիոյ ժողովուրդին կոչ ուղղած է «չմտահոգուելու, որովհետեւ Թուրքիան պիտի ձերբազատուի այդ սպառնալիքէն»: Ըստ անոր, երկիրը «կը պայքարի ոչ միայն անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ», այլ նաեւ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց երկրին մէջ որդեգրելու նախագահական դրութիւն մը եւ անցում կատարելու «նախագահական տէ ֆաքթօ» դրութենէն «տէ ժիւրէ դրութեան»:

Էրտողան երէկ ընդունեց վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի հրաժարականը:








All the contents on this site are copyrighted ©.